Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ բաւական մօտէն հետաքրքրուած է Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Էմիլիանօ Մարթինեզով, այս մասին յայտնեց «Մետիա Ֆութ»-ը:
Միւնիխեան ակումբը, ուշադիր հետեւեցաւ 2022-ի Մոնտիալին ընթացքին բերդապահներու ներկայացումներով եւ մեծապէս տպաւորուեցաւ 30 տարեկան բերդապահով:
Նկատի ունենալով, որ Պայէրնի հիմնական բերդապահը` Մանուէլ Նէօյըր, վնասուածք ստանալէ եւ վիրաբուժութեան ենթարկուելէ ետք մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ, շատ հաւանական է, որ Մարթինեզի տեղափոխութիւնը Պայէրն տեղի ունենայ յառաջիկայ յունուարին:
Նշենք, որ Մարթինեզի պայմանագրութիւնը Ասթոն Վիլայի հետ իր աւարտին կը հասնի յունիս 2027-ին:


