Ռէալ Մատրիտի նախկին գլխաւոր մարզիչ ֆրանսացի Զինետտին Զիտան շատ հաւանաբար գլխաւորէ Եուվենթուսը, այս մասին յայտնեց ֆրանսական անուանի մարզական օրաթերթ «Լ՛էքիփ» օրաթերթը:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, սկզբունքով ան կը նկատուէր Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յաջորդ մարզիչը, սակայն Տիտիէ Տեշան հեռանալու մտադրութիւն չունի:
Թէեւ Եուվենթուսի այժմու մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի 2025-ի ամրան, սակայն անոր ապագան կը մնայ կասկածի տակ, մանաւանդ որ նախորդ ամիս ակումբի տնօրէններու խորհուրդին անդամները, ներառեալ Անտրէաս Անիելին, տուին իրենց հրաժարականը:
Զիտան ինք անձամբ ամէն գնով կը փափաքի որեւէ խումբի մարզիչի պաշտօնը ստանձնել:


