Լեհաստանի Քաթովիցէ քաղաքին մէջ նախորդ շաբաթավերջին վերջ գտաւ արագ ճատրակի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը:
Ախոյեան հանդիսացաւ սպանացի Խայմէ Սանթոս Լաթասա, որ առաւելագոյն 11 կէտէն ապահովեց 9,5 կէտ:
Անկէ մէկական կէտով ետ մնացին Հայաստանի ներկայացուցիչներ Շանթ Սարգսեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան, որոնք յաջորդաբար գրաւեցին 16-րդ եւ 18-րդ դիրքերը:
Նշենք, որ Եւրոպայի կայծակնային (պլից) ախոյեանութեան, Շանթ Սարգսեան գրաւած էր երրորդ դիրքը:
Այժմ, Սարգսեան եւ Յովհաննիսեան կը պատրաստուին 26-30 դեկտեմբերին Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի արագ եւ կայծակնային ախոյեանութեան:
Այս մրցաշարքերուն Հայաստան պիտի ունենայ 13 ներկայացուցիչ: