Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը հրապարակեց Հայաստանի 2022 տարուան 10 լաւագոյն մարզիկներու մրցանակաբաշխութեան մասնակցող մարզիկներուն անուանացանկը:
Տարուան 10 լաւագոյն մարզիկներու ընտրութիւնը պիտի կատարեն Հայաստանի հաւաքականներուն գլխաւոր մարզիչներն ու նախարարութեան մօտ հաւատարմագրուած մարզական լրագրողները:
Արդիւնքներուն հրապարակումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբերին: