Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը դատ բացաւ Փիւնիկ Երեւանի սեփականատիրոջ` Արթուր Սողոմոնեանի դէմ, անոր կողմէ կատարուած կեղծիք եւ զրպարտութիւն պարունակող յայտարարութիւններուն համար:
Արթուր Սողոմոնեան 16 դեկտեմբերին, ակումբին պաշտօնական կայքին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին քննադատեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին գործունէութիւնները:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ ան դատարանի միջոցով պարտադիր է հրապարակաւ ներում հայցել:


