Աշխարհի ֆութպոլի փոխախոյեան, Ֆրանսայի ազգային խումբի մարզիչ Տիտիէ Տեշան, պիտի մնայ իր պաշտօնին վրայ, եթէ իրեն առաջարկուի 4 տարուան պայմանագրութիւն մը, այս մասին յայտնեց ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» անուանի մարզական օրաթերթը:
Անոր պայմանագրութիւնը Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ իր աւարտին կը հասնի այս տարուան վերջին օրը` 31 դեկտեմբերին:
Ֆետերասիոնը կը փափաքի երկարաձգել համագործակցութիւնը, սակայն մտադիր է կնքել նոր պայմանագրութիւն մը, նախատեսուած` մինչեւ 2024-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտը:
Սակայն 54 տարեկան Տեշան կ՛ուզէ չորս տարուան պայմանագրութիւն մը, որպէսզի կարենայ լաւ խումբ մը պատրաստել նաեւ 2026-ի Մոնտիալին համար:
Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Քաթարի մէջ հանդիպում մը ունենալով Տեշանի հետ, անոր յորդորեց չհեռանալ ազգային խումբէն:
Տեշան, որ ազգային խումբը կը գլխաւորէ 2012-էն ի վեր, իր կազմին հետ 2016-ին հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան, 2018-ին` աշխարհի ախոյեան, 2021-ին` «Ազգերու լիկա»-ի տիտղոսակիր, իսկ 2022-ին` աշխարհի փոխախոյեան:


