Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող սպանացի միջնապահ Մարքօ Ասենսիօ կը փափաքի նոր պայմանագրութիւն մը կնքել արքայական ակումբին հետ:
Սպանական մարզական մամուլը յայտնեց, որ 26 տարեկան Ասենսիօ, հակառակ անոր որ բաւական խաղաժամանակ չի ստանար իր խումբին կատարած մրցումներուն ընթացքին, սակայն գոհ մնալով իր ակումբէն, կը փափաքի իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել:
Ան Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին, իր կազմին հետ ցարդ կատարեց 15 մրցում, նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ:
Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը մայրաքաղաքի կազմին հետ կ՛աւարտի 2023-ի ամրան: