Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնի` ՖԻՖԱ-ի նախագահը` Ճիաննի Ինֆանթինօ, կը դիտարկէ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը` Մոնտիալը երեք տարին անգամ մը կատարելու տարբերակը, այս մասին յայտնեց անգլիական «Տէյլի Մէյլ»-ը:
Քաթարի մէջ կատարուած 2022-ի Մոնտիալին նիւթական եւ մարզական յաջողութիւններէն ոգեւորուած Ինֆանթինօ յայտնեց, որ անհրաժեշտ կը նկատէ այս փոփոխութիւնը:
Նշուեցաւ, որ այս Մոնտիալին ՖԻՖԱ-ի եկամուտը` 6,2 միլիառ ամերիկեան տոլար, մրցանշային եղաւ եւ 840 միլիոնով աւելի եղաւ, քան 2018-ի Մոնտիալը:
Սակայն մինչեւ 2030 թուականի աշխարհի ախոյեանութեան աւարտը փոփոխութիւնները անկարելի են:
Այդ փոփոխութիւնները կրնան տեղի ունենալ 2030-էն ետք միայն, յայտնեց վերոնշեալ աղբիւրը:


