Երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբը Քաթարէն վերադարձաւ հայրենիք:
Պուենոս Այրեսի մէջ, աշխարհի նորընծայ ախոյեաններուն դիմաւորեցին հարիւր հազարաւոր համակիրներ, որոնք ողողած էին մայրաքաղաքի փողոցները:
Օդանաւէն 2022-ի Մոնտիալի բաժակով դուրս եկաւ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ, «Ոսկիէ գնդակ»-ի եօթնակի դափնեկիր եւ ախոյեանութեան լաւագոյն ֆութպոլիստը ընտրուած` Արժանթինի խմբապետ Լիոնել Մեսսին:
Արժանթինի կառավարութիւնը, ազգային խումբին աշխարհի ախոյեան հանդիսանալուն առիթով, 20 դեկտեմբերը յայտարարեց ազգային տօն:
Ինչպէս ծանօթ է, 36 տարուան երկար սպասումէ մը ետք, Արժանթին դարձեալ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան եւ 1978-էն ու 1986-էն ետք երրորդ անգամ ըլլալով բարձրացուց 6,175 քկ կշռող Մոնտիալի ոսկեայ բաժակը: