Երկուշաբթի, 19 դեկտեմբերին, Քաթարէն Ֆրանսա վերադարձաւ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը` հոն իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան` 2022-ի Մոնտիալին:
Թէեւ Ֆրանսա հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան, սակայն «Քոնքորտ» հրապարակին վրայ խումբը արժանացաւ մեծ ընդունելութեան, եւ հազարաւոր ֆութպոլասէրներ ողջունեցին անոր հայրենիք վերադարձը:
Ազգային խումբի ֆութպոլիստներուն երեւումը` «Քոնքորտ» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 21:00-ին (Ֆրանսայի ժամանակացոյցով), մինչ ոստիկանութիւնը ճամբաներուն հսկողութիւնը իր հակակշիռին տակ առած էր առաւօտեան կանուխ ժամերէ:
Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին կարգ մը մարզիկները լրագրողներուն հետ իրենց ունեցած կարճ հարցազրոյցներուն ընթացքին յայտնեցին, որ մեծ անակնկալի եկան այս ընդունելութեան համար` նկատի ունենալով, որ այսքան մեծաթիւ համակիրներու ներկայութիւն չէին ակնկալեր: