Ճատրակ. Մանուէլ Պետրոսեան Հանդիսացաւ 5-րդ` Սպանիոյ Մէջ
Սպանական Սիթժես քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերած Հայաստանի 3 ներկայացուցիչներէն ամէնէն լաւ արդիւնքը արձանագրեց Մանուէլ Պետրոսեան, որ առաւելագոյն 10 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով գրաւեց 5-րդ դիրքը: Պետրոսեան մրցաշարքը աւարտեց առանց պարտութեան` արձանագրելով 5 յաղթանակ եւ 5 հաւասարութիւն: Նշուեցաւ, որ հայրենի կրանտմասթըրը, որ ստացաւ 700 եւրօ պարգեւավճար, մէկ կէտով միայն ետ մնաց տիտղոսին տիրացած ռուս Քիրիլ...




















