Իտալական հանրածանօթ մարզական օրաթերթերէն «Լա Կազեթթա տելլօ Սփոր» կը յայտնէ, որ Եուվենթուս ֆութպոլի ակումբը կը փափաքի երկարաձգել արժանթինցի յառաջապահ Անխել Տի Մարիայի պայմանագրութիւնը:
Եուվենթուս պիտի փորձէ իր ամէն կարելին ընել անոր առաջարկելու համար նուազագոյնը` տարուան մը պայմանագրութիւն մը, անշուշտ եթէ ձախողի անոր հետ կնքել երկու տարուան պայմանագրութիւն մը:
Աղբիւրին համաձայն, 34 տարեկան Տի Մարիա, որ 2022-ի ամրան իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ միացաւ Եուվենթուսին, կը փափաքի վերադառնալ հայրենիք եւ միանալ Ռոզարիօ Սանթրալի, որուն հետ սկսաւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը եւ անոր մաս կազմեց 15 տարի:
Այս տարեշրջանին 34 տարեկան Տի Մարիա Եուվենթուսի հետ ցարդ կատարած է 10 մրցում, նշանակած կոլ մը եւ կատարած չորս էսիսթ:


