Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին ֆութպոլասէր հասարակութեան ուշադրութեան կեդրոնը Քաթարն էր, ուր տեղի ունեցաւ աշխարհի 22-րդ ախոյեանութիւնը` 2022-ի Մոնտիալը:
Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին աշխարհի ախոյեան հանդիսանալէն ետք, այժմ եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները պիտի վերսկսին հանգրուան առ հանգրուան:
Անգլիոյ մէջ մրցումները պիտի սկսին Լիկայի բաժակի մրցումներով, իսկ Սպանիոյ մէջ` երկրին բաժակի մրցումներով (յառաջիկայ օրերուն ընթացքին):
«Փրեմիեր Լիկ»-ի մրցումները (17-րդ հանգրուան) պիտի սկսին երկուշաբթի, 26 դեկտեմբերին:
Ֆրանսական «Լիկ-1»-ը իր ձմեռնային արձակուրդէն կը վերադառնայ չորեքշաբթի, 28 դեկտեմբերին (16-րդ հանգրուան), իսկ յաջորդ օրը պիտի սկսին Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա-Լիկա») 15-րդ հանգրուանի մրցումները:
Իտալական ախոյեանութիւնը («Քալչիօ») կը սկսի չորեքշաբթի, 4 յունուար 2023-ին` 16-րդ հանգրուանի մրցումներով:
Ամէնէն ուշը (հինգշաբթի, 20 յունուար 2023) պիտի սկսի Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը («Պունտըսլիկա»), երբ տեղի պիտի ունենան 16-րդ հանգրուանի հանդիպումները:


