Քաթարի մէջ աւարտած աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումէն ետք, փոփոխութիւններ տեղի ունեցան Մոնտիալներու պատմութեան լաւագոյն ռմբաձիգներուն դասաւորման մէջ:
Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Լիոնել Մեսսի, որ աւարտականին տուպլէ մը իրագործեց, աշխարհի ախոյեանութիւններուն իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր թիւը հասցուց 13-ի:
Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող 35 տարեկան յառաջապահը, Մոնտիալներու պատմութեան լաւագոյն ռմբաձիգներուն դասաւորման մէջ, այժմ կը բաժնէ 5-րդ դիրքը, ֆրանսացի Ժիւսթ Ֆոնթենի հետ, որ նոյնքան կոլ նշանակած էր աշխարհի մէկ Մոնտիալի ընթացքին (1958):
Ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէ, որ աւարտականի մրցումին հեթրիք մը իրագործեց, Փելէի նման նշանակեց իր 12-րդ կոլը:
Մոնտիալներու պատմութեան լաւագոյն ռմբաձիգն է գերմանացի Միրոսլաւ Քլոզը (16 կոլ):
Անոր կը յաջորդեն պրազիլցի Ռոնալտօ (15 կոլ) եւ գերմանացի Կերթ Միւլըր (14 կոլ):


