Մարզական

Սատիօ Մանէ Վերսկսաւ  Իր Փորձերուն

Սատիօ Մանէ Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Գերմանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխի 30 տարեկան սենեկալցի յառաջապահ Սատիօ Մանէ, որ վնասուածքի պատճառով նոյեմբեր 2022-էն ի վեր հեռու է ֆութպոլի դաշտերէն, առաջին անգամ ըլլալով վերսկսաւ իր փորձերուն: Սատիօ Մանէ, որ ծունկի վնասուածք ստացած էր, վիրաբուժութեան ենթարկուած էր 2022-ի Մոնտիալին ազդանշանը տրուելէն շաբաթ մը առաջ: Սենեկալի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետը այս տարեշրջանին իր կազմին հետ կատարած 23 մրցումներուն ընթացքին...

Իսքոյի Իւնիոն Պերլին  Տեղափոխութիւնը Ձախողեցաւ

Իսքոյի Իւնիոն Պերլին Տեղափոխութիւնը Ձախողեցաւ

Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի նախկին միջնապահ Իսքօ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէր «Պունտըսլիկա»-ին մէջ` իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ մաս կազմելով Իւնիոն Պերլինին: 30 տարեկան սպանացին թէեւ նախորդ ամառ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սեւիլլայի հետ, սակայն նախորդ դեկտեմբերին կողմերը դադրեցուցին իրենց համագործակցութիւնը: Նախապէս կը հաղորդուէր, որ ֆութպոլիստը եւ գերմանական ակումբը պիտի ստորագրեն մէկուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը` զայն մէկ տարիով երկարաձգելու...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Լիտըրզ-Հուփս` 71-63

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Լիտըրզ-Հուփս` 71-63

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հուփս, որ հիւրը եղաւ Լիտըրզին, անկէ կրեց 71-63 արդիւնքով պարտութիւն մը (13-7, 16-22, 16-19, 26-15): Մինչ Լիտըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 6-րդ յաղթանակը (9 պարտութեան կողքին), անդին Հուփս, որ արձանագրած է 5 յաղթանակ, կրեց իր 10-րդ պարտութիւնը: Լիտըրզէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց խմբապետ Քրիսթոֆ Խալիլ (10 կէտ, 11 ռիպաունտ),...

Թենիս. «Տէյվիս Քափ».  3-4 Փետրուարին` Լիբանան-Ուքրանիա

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». 3-4 Փետրուարին` Լիբանան-Ուքրանիա

Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ յառաջիկայ 3-4 փետրուարին տեղի պիտի ունենայ թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի Լիբանան-Ուքրանիա մրցումը` Լեհաստանի մէջ: Նշենք, որ Լիբանանի ազգային խումբին մարզիչն է Ֆետի Եուսեֆ, իսկ մարզիկները` Պենժամին Հասան, Հետի Հապիպ եւ Հասան Իպրահիմ: Լիբանանի համար յաղթանակը կը նկատուի բաւական կարեւոր, որպէսզի անիկա կարենայ ապահովել Ա. դասակարգի իր տոմսը:    

Քարաթէի Սեմինար` Նուիրուած Արցախին

Քարաթէի Սեմինար` Նուիրուած Արցախին

Հայաստանի Ազգային բանակի օրուան առիթով, Հայաստանի քարաթէի ֆետերասիոնը Օլիմփիաւանի մէջ կազմակերպեց սեմինար մը` զայն նուիրելով Արցախին: Սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 300 մարզիկներ: Կատարուեցան ոչ միայն տեսական քննարկումներ, փորձի փոխանակում` ոլորտի նշանաւոր ներկայացուցիչներուն հետ, այլ նաեւ` վարպետներու դասեր եւ թեքնիք հնարքներու նոր ցուցադրութիւններ: Ֆետերասիոնի նախագահ Սպարտակ Գասպարեանի համաձայն, հանդիպումը ոգեւորիչ էր յատկապէս սկսնակներու համար: Ան ըսաւ, որ նմանօրինակ միջոցառումները...

Թենիս. Կարէն Խաչանով Բարձրացաւ 13-րդ Դիրք

Թենիս. Կարէն Խաչանով Բարձրացաւ 13-րդ Դիրք

Արինա Սապալենքա Գրաւեց Երկրորդ Դիրքը Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց այս շաբթուան տղոց եւ աղջկանց նոր դասաւորումը` նկատի ունենալով նախորդ շաբաթավերջին աւարտած Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի արդիւնքները: Վերոնշեալ մրցաշարքին 10-րդ անգամ տիրացած սերպ Նովաք Ճոքովիչ, իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 7070 կէտ, դասաւորման պարագլուխի դիրքը խլեց սպանացի Քարլոս Ալքարասէն (6730), որ վիրաւոր ըլլալով մրցաշարքէն բացակայեցաւ: Լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Յունաստանի...

Սերոբ Գրիգորեան Միացաւ Ալաշկերտի

Սերոբ Գրիգորեան Միացաւ Ալաշկերտի

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Սերոբ Գրիգորեան միացաւ Ալաշկերտի, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 27 տարեկան Գրիգորեան, մաս կազմելէ ետք ռուսական երկու ակումբներու, տեղափոխուեցաւ Շիրակ Գիւմրի, ապա եօթը տարեշրջան մաս կազմեց Փիւնիկ Երեւանի: Անոր նախկին ակումբն էր Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբը, որուն հետ ան դաշտ ներկայացաւ 16 մրցումի` Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան աշնանային բաժինին ընթացքին: Փորձառու ֆութպոլիստը...

Պրազիլցի Ֆութպոլիստներ Տեղափոխող  Փոխադրակառքը 10 Մեթր Բարձրութիւն  Ունեցող Կամուրջէն Վար Ինկաւ

Պրազիլցի Ֆութպոլիստներ Տեղափոխող Փոխադրակառքը 10 Մեթր Բարձրութիւն Ունեցող Կամուրջէն Վար Ինկաւ

Պրազիլական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ պրազիլցի ֆութպոլիստներ տեղափոխող փոխադրակառքը 10 մեթր բարձրութիւն ունեցող կամուրջէ մը վար ինկաւ, այդ պատճառով ալ մահացան 14-17 տարեկան երեք դեռահասներ եւ մէկ չափահաս մը, մինչ 23 ուրիշներ վիրաւորուեցան: Ողբերգութիւնը տեղի ունեցաւ «ՊԻ. ԱՐ.-116»  մայրուղիին կամուրջին վրայ, Ալեմ Փարայպայի մօտ, Մինաս Կերայիսի` Զոնա տա Մաթա շրջանին մէջ: Փոխադրակառքին մէջ կը գտնուէին Ռիօ տը Ժանէյրոյէն Էսփորթէ...

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Ռէալ Մատրիտ-Պարսելոնա  Կիսաւարտականի Տաք Ճակատում

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Ռէալ Մատրիտ-Պարսելոնա Կիսաւարտականի Տաք Ճակատում

Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի («Քոփա Տել Ռէյ») քառորդ աւարտական հանգրուանի մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Բաւական զօրաւոր եւ տաք ճակատումի մը ընթացքին, իրարու դէմ պիտի մրցին երկրին երկու անուանի խումբերը` Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա, մինչ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Օսասունան եւ Աթլեթիք Պիլպաոն: Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 1-2 մարտին,...

Էվըրթըն Ունեցաւ  Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Էվըրթըն Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Լիվըրփուլ քաղաքի կազմերէն Էվըրթըն յայտարարեց, որ 51 տարեկան անգլիացի Շոն Տայչ նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ` խումբին հետ ստորագրելով երկուքուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը: Նշենք, որ ան նախապէս եղած է անգլիական Ուաթֆորտի եւ Պառնլիի մարզիչը: Ան փոխարինեց անգլիացի Ֆրանք Լամփարը, որ իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով կորսնցուց իր պաշտօնը: Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 20-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Էվըրթըն 15 կէտով կը...

Կենարօ Կաթուզօ Հեռացաւ  Վալենսիայէն

Կենարօ Կաթուզօ Հեռացաւ Վալենսիայէն

Սպանական մարզական մամուլը կը տեղեկացնէ, որ Վալենսիայի գլխաւոր մարզիչ Կենարօ Կաթուզօ լքեց իր պաշտօնը եւ հեռացաւ ակումբէն: Իտալացիին հետ Վալենսիա «Լա Լիկա»-ի ընթացիկ տարեշրջանին 18 մրցումէն ապահովելով միայն 20 կէտ, այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 14-րդ ոչ նախանձելի դիրքը: Վերջին 10 մրցումներուն, խումբը արձանագրած է յաղթանակ մը միայն եւ կրած հինգ պարտութիւն: Նշենք, որ 45 տարեկան Կաթուզօ խումբին մարզիչն է...

Հիլալ Կը Փափաքի Մեսսին Դարձնել Աշխարհի  Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Ֆութպոլիստը

Հիլալ Կը Փափաքի Մեսսին Դարձնել Աշխարհի Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Ֆութպոլիստը

Սէուտական Արաբիոյ Հիլալ ֆութպոլի խումբը ցարդ չէ հրաժարած Լիոնել Մեսսին իր կազմին միացնելու գաղափարէն: Միջազգային մարզական մամուլը կը յայտնէ, որ արաբական ակումբը կը փափաքի արժանթինցին դարձնել աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը: Այս փոխանցումը իրականանալու պարագային, Մեսսիի տարեկան եկամուտը պիտի ըլլայ աւելի քան 200 միլիոն սթերլինկ: 35 տարեկան Լիոնել Մեսսիի պայմանագրութիւնը` Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, կ՛աւարտի այս տարեշրջանի աւարտին, եւ կողմերը...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ-Նուժում Պէյրութ` 3-2

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ-Նուժում Պէյրութ` 3-2

Պէյրութի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ Նըժմէի դաշտին վրայ մրցեցաւ Նուժում Պէյրութի դէմ, արձանագրեց 3-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը (կիսախաղ` 1-1): ՀՄԸՄ իր կոլերը նշանակեց 45-րդ, 60-րդ եւ 85-րդ վայրկեաններուն, մինչ մրցակից կազմը` 13-րդ եւ 89-րդ վայրկեաններուն: Մրցում մը նուազ կատարած ՀՄԸՄ, այսպիսով արձանագրեց իր...

Մարմնամարզութիւն.  Եւրոպայի 2027-Ի Ախոյեանութիւնը  Տեղի Պիտի Ունենայ Երեւանի Մէջ

Մարմնամարզութիւն. Եւրոպայի 2027-Ի Ախոյեանութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Երեւանի Մէջ

Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 2027-ի Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ: Ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ. «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան բարձր հովանիին տակ, Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի նախագահ Գագիկ Վանոյեանի եւ անոր հետ աշխատակցած յանձնախումբին ջանքերուն շնորհիւ, 2027-ին տեղի ունենալիք տղոց եւ աղջկանց Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը պիտի կատարուի Երեւանի մէջ: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Եւրոպայի մարմնամարզութեան...

Կռփամարտ.  Արտեոմ Դալաքեան Պաշտպանեց  Աշխարհի Ախոյեանի Տիտղոսը

Կռփամարտ. Արտեոմ Դալաքեան Պաշտպանեց Աշխարհի Ախոյեանի Տիտղոսը

Արհեստավարժ կռփամարտի թեթեւագոյն քաշային կարգի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ.ՊԻ.ԷՅ.»-ի վարկածով աշխարհի ախոյեան Արտեոմ Դալաքեան (Ուքրանիա) պաշտպանեց իր տիտղոսը: Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած մենամարտին, հայ կռփամարտիկը իրաւարարներու միաձայն որոշումով (115-113, 115-113 եւ 116-112) պարտութեան մատնեց քոսթառիքացի իր մրցակիցին` Տաւիտ Խիմենեսին, որ 12 յաղթանակէ ետք կրեց իր առաջին պարտութիւնը: Արտեոմ Դալաքեան, որ 6-րդ անգամ ըլլալով պաշտպանեց այս տիտղոսը, այսպիսով արհեստավարժ ռինկի վրայ արձանագրեց...

«Թաթա Սթիլ Մասթըրզ».  Կիրի Տիրացաւ Տիտղոսին.  Արոնեան Հանդիսացաւ 7-րդ

«Թաթա Սթիլ Մասթըրզ». Կիրի Տիրացաւ Տիտղոսին. Արոնեան Հանդիսացաւ 7-րդ

Նախորդ շաբաթավերջին Վիյք Աան Զի քաղաքին մէջ (Նետերլանտներ) իր աւարտին հասաւ ճատրակի «Թաթա Սթիլ Մասթըրզ» միջազգային մրցաշարքը, երբ կատարուեցան 13-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Նետերլանտցի Անիշ Կիրի տիրացաւ տիտղոսին, երբ վերջին հանգրուանին ճերմակ քարերով պարտութեան մատնեց ռումանացի Ռիշար Ռափորը եւ առաւելագոյն 13 կէտէն ապահովելով 8,5 կէտ, միանձնեայ գրաւեց առաջին դիրքը: Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ Նոտիրպեկ Ապտուսաթթորով, որ վերջին հանգրուանին ճերմակ քարերով պարտուեցաւ...

Ռոպերթ Դարբինեան Վերադարձաւ Շիրակ

Ռոպերթ Դարբինեան Վերադարձաւ Շիրակ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Շիրակ Գիւմրիի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ խումբին նախկին մարզիկներէն Ռոպերթ Դարբինեան վերադարձաւ ակումբ: 2022-2023 տարեշրջանի առաջին բաժինը, յետսապահ Դարբինեան ելոյթ ունեցաւ Արարատ-Երեւանի հետ: Նշենք, որ ան Շիրակին մաս կազմած է 2014-2015 եւ 2016-2018 թուականներուն:  

Փիւնիկ Երեւան Պարտուեցաւ  Խիմքիէն

Փիւնիկ Երեւան Պարտուեցաւ Խիմքիէն

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, որ Թուրքիոյ Պելեք քաղաքին մէջ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ ռուսական Խիմքիի դէմ, անկէ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Իր կատարած նախորդ երկու մրցումներուն, Փիւնիկ 3-1 արդիւնքով պարտուած էր ուքրանական Տնիփրօ-1 խումբէն, մինչ 4-2 արդիւնքով յաղթած էր Խապարովսքի (Ռուսիա): Նշենք, որ Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը` Փիւնիկ, այս մարզական հաւաքին ընթացքին շատ հաւանաբար պիտի կատարէ...

«Լիկ-1».  Առաջին Չորս Դիրքերը  Հաւասարութիւն Արձանագրեցին

«Լիկ-1». Առաջին Չորս Դիրքերը Հաւասարութիւն Արձանագրեցին

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 20-րդ եւ դարձի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, դասաւորման առաջին չորս դիրքերուն մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն կատարուեցաւ` նկատի ունենալով, որ անոնք հաւասարութիւն արձանագրեցին: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող գործող ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց Ռեմսը, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: 51-րդ վայրկեանին պրազիլցի Նէյմար նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, մինչ հիւր կազմը իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց կորսուած...

Տեմպելէ Հինգ Շաբաթով  Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Տեմպելէ Հինգ Շաբաթով Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Սպանական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Ուսման Տեմպելէի ստացած վնասուածքը աւելի լուրջ է, քան ինչ որ կ՛ենթադրուէր: Պարսելոնային մաս կազմող ֆրանսացի ֆութպոլիստը, նախորդ շաբաթավերջին վիրաւորուեցաւ Ժիրոնայի դէմ տեղի ունեցած «Լա Լիկա»-ի մրցումին (19-րդ հանգրուան) եւ 26-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Սկիզբը կ՛ըսուէր, որ ան երեք շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, իր ստացած ազդրի վնասուածքէն ետք: Սակայն վերջնական քննութիւններու արդիւնքներուն լոյսին...

Page 326 of 1280 1 … 325 326 327 … 1,280

Արխիւներ