Մարզական

Թենիս. Աւստրալիոյ Մրցաշարք.  Ճոքովիչ 10-րդ Անգամ Ըլլալով  Տիրացաւ Տիտղոսին

Թենիս. Աւստրալիոյ Մրցաշարք. Ճոքովիչ 10-րդ Անգամ Ըլլալով Տիրացաւ Տիտղոսին

Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտական մրցումը` մրցաշարքին 3-րդ դասուած Յունաստանի ներկայացուցիչ Սթեֆանոս Ցիցիփասի եւ սերպ Նովաք Ճոքովիչի (4-րդ) միջեւ: 35 տարեկան Ճոքովիչ 6-3, 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր մրցակիցին (24 տարեկան), 10-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին` բարելաւելով իր իսկ հաստատած մրցանիշը` այս մրցաշարքին գծով:...

Հենտպոլ.  Դանիա Հանդիսացաւ  Աշխարհի Ախոյեան

Հենտպոլ. Դանիա Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին, Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցաւ տղոց հենտպոլի աշխարհի 28-րդ ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Դանիա եւ Ֆրանսա: Արձանագրելով 34-29 արդիւնքով յաղթանակ մը, Դանիա հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան: Դանիա, որ յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տղոց տիտղոսին (նախապէս` 2019-ին եւ 2021-ին), այսպիսով հանդիսացաւ հենտպոլի աշխարհի ախոյեանութեան առաջին խումբը, որ յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով կը դառնայ տիտղոսակիր:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոսի Տարեշրջանի Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոսի Տարեշրջանի Երկրորդ Յաղթանակը

Այսօր` Լիտըրզ-Հուփս Մրցումը Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան երկու մրցումներ: Միշել Սլէյմանի անուան համալիրին մէջ (Ժիպէյլ), ընդհանուր դասաւորման վերջին դիրքին վրայ գտնուող Պիպլոս, որ հիւրընկալեց Աթլասը, արձանագրեց` տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը` 95-83 արդիւնքով (18-22, 31-15, 23-26 եւ 23-20): Ինչպէս նկատելի է, Պիպլոսի համար մրցումին անկիւնադարձային բաժինը եղաւ երկրորդ քորթըրը,...

Արարատ-Արմենիա Պիտի Մեկնի  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Արարատ-Արմենիա Պիտի Մեկնի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի գարնանային երկրորդ բաժինին պատրաստուող Արարատ-Արմենիա 2-19 փետրուարին ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հաւաքին ընթացքին նախատեսուած են ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ: Մրցակիցներու եւ մրցումներու ժամանակացոյցին մասին պիտի յայտարարուի աւելի ուշ: Նշենք, որ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Արարատ-Արմենիա 43 կէտով կը...

Ուքրանիա Կրնայ Պոյքոթի Ենթարկել  Փարիզ-2024-ի Ամառնային  Ողիմպիական Խաղերը

Ուքրանիա Կրնայ Պոյքոթի Ենթարկել Փարիզ-2024-ի Ամառնային Ողիմպիական Խաղերը

Ուքրանիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար, ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Վատիմ Կութզայթ մեկնաբանեց Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի` ռուս եւ պիելոռուս մարզիկներուն, Փարիզ-2024-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցութեան հարցով քննարկում ծաւալելու որոշումը: «Մենք կը դիմենք եւ պիտի դիմենք միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնք կրնան ազդել իրավիճակին եւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամներու կարծիքին վրայ: Մեր դիրքորոշումը անփոփոխ է. ռուս եւ պիելոռուս մարզիկները պէտք չէ մասնակցին...

Եւրոպայի Գերբաժակի  Մրցաշարքին Մրցումը` Աթէնքի Մէջ

Եւրոպայի Գերբաժակի Մրցաշարքին Մրցումը` Աթէնքի Մէջ

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ, 16 օգոստոսին: Սկզբունքով անիկա տեղի պիտի ունենար Թաթարիստանի մայրաքաղաք Քազանի մէջ (անոր կայացման որոշումը տրուած էր 2020-ին), սակայն ռուս-ուքրանական պատերազմին պատճառով Ռուսիա զրկուեցաւ այդ իրաւունքէն: Նշենք, որ Եւրոպայի գերբաժակի մրցումին կը մասնակցին «Չեմփիընզ Լիկ»-ի եւ «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին տիտղոսակիրները:

Չելսի Ֆերնանտեզի Համար  Կ՛առաջարկէ 100 Միլիոն Եւրօ

Չելսի Ֆերնանտեզի Համար Կ՛առաջարկէ 100 Միլիոն Եւրօ

Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը կը փափաքի իր կազմին միացնել աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան` Արժանթինի ազգային խումբի 22 տարեկան միջնապահ Էնզօ Ֆերնանտեզը: Անգլիական ակումբը պատրաստ է աշխարհի ախոյեանութեան լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստին փոխանցման համար անոր ակումբին` Պենֆիքայի վճարելու 100 միլիոն եւրօ, ինչպէս նաեւ փորթուգալեան ակումբին փոխանցելու քանի մը ֆութպոլիստի փոխանցման իրաւունքը, այս մասին կը յայտնէ փորթուգալեան մարզական մամուլը: Սակայն կը նշուի նաեւ, որ...

Նասըր Մտադիր Է Իր Կազմին  Միացնել Լուքա Մոտրիչը

Նասըր Մտադիր Է Իր Կազմին Միացնել Լուքա Մոտրիչը

Սէուտական Արաբիոյ Նասըր ֆութպոլի խումբը մտադիր է իր կազմին միացնել Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչը, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ Նասըր 37 տարեկան ֆութպոլիստին պիտի առաջարկէ 2,5 տարուան պայմանագրութիւն մը, տարեկան 40 միլիոն եւրօ աշխատավարձով: Եթէ պատահի, որ Նասըր այս ամսուան ընթացքին չկարենայ ձեռք ձգել Մոտրիչը, ապա յառաջիկայ ամրան ընթացքին անիկա...

Սերճիօ Ռամոս Շատ Հաւանաբար Վերադառնայ  Սպանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Սերճիօ Ռամոս Շատ Հաւանաբար Վերադառնայ Սպանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ Լուիս տը լա Ֆուենթէ շատ հաւանաբար իր կազմին միացնէ փորձառու յետսապահ Սերճիօ Ռամոսը: Կը կարծուի, որ ան մօտալուտ հանդիպում մը ունենայ Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող Ռամոսի հետ, քննարկելու համար անոր հաւանական վերադարձը Սպանիոյ հաւաքական: Նշենք, որ 36 տարեկան Ռամոս թէեւ բացակայեցաւ «ԵՒՐՕ-2020»-էն եւ 2022-ի Մոնտիալէն, սակայն ֆութպոլիստի իր միջազգային...

Թենիս. Աւստրալիոյ Մրցաշարք. Նովաք Ճոքովիչ Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Թենիս. Աւստրալիոյ Մրցաշարք. Նովաք Ճոքովիչ Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Արինա Սապալենքա` Աղջկանց Տիտղոսակիր Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 21 կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքերու տիտղոսին տիրացած սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ իր 27-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, գերազանցեց աշխարհի նախկին դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւած ամերիկացի Անտրէ Աղասիի մրցանիշը, որ արձանագրած էր յաջորդական 26 յաղթանակ: Ճոքովիչ, որ այս մրցաշարքին դասուած է 4-րդ, կիսաւարտականին 7-5, 6-1 եւ 6-2...

Լեպրոն Ճէյմսի Մարզաշապիկը  Ծախուեցաւ 3,7 Միլիոն Ամերիկեան Տոլարի

Լեպրոն Ճէյմսի Մարզաշապիկը Ծախուեցաւ 3,7 Միլիոն Ամերիկեան Տոլարի

Աշխարհի ամէնէն հին աճուրդի ընկերութեան` «Սոթեպէյ»-ի տան մէջ ծախուեցաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի մարզիկ Լեպրոն Ճէյմսի մարզաշապիկը: Այդ մարզաշապիկը «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի 2013-ի ախոյեանութեան աւարտականի մարզաշապիկն էր, երբ ան մաս կը կազմէր Մայեմի Հիթին: Ամերիկեան մարզական մամուլը հաղորդեց, որ անոր այդ մարզաշապիկը վաճառուեցաւ 3,7 միլիոն ամերիկեան տոլարի: Նշենք, որ աճուրդի տան պատմութեան մէջ անիկա այսպիսով հանդիսացաւ երրորդ ամէնէն արժէքաւոր մարզաշապիկը`...

Հայկական Ֆութպոլ.  Արթուր Քարտաշեան Միացաւ Վանին

Հայկական Ֆութպոլ. Արթուր Քարտաշեան Միացաւ Վանին

Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի նախկին յետսապահ, ազգային հաւաքականի թեկնածու Արթուր Քարտաշեան միացաւ Չարենցաւանի Վանին, այս մասին յայտնեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 26 տարեկան ֆութպոլիստը տարեշրջանի առաջին կէսը անցուց կիպրական Օլիմփիաքոս Նիկոսիայի հետ: Կիպրոսի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 11 մրցումի: Քարտաշեան, որ Փիւնիկ-Երեւանի սան է, մաս կազմած է նաեւ Սեւանի եւ Նոա Երեւանի: Ան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային...

«Ֆորմիւլա-1».  Հրապարակուեցաւ  2023 Տարեշրջանին Յայտագիրը

«Ֆորմիւլա-1». Հրապարակուեցաւ 2023 Տարեշրջանին Յայտագիրը

Ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻԱ) հրապարակեց 2023 տարեշրջանի «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն յայտագիրը, որ կ՛ընդգրկէ 23 կրան փրի: Նոր տարեշրջանին մեկնարկը կը տրուի յառաջիկայ 5 մարտին Պահրէյնի կրան փրիյով, եւ անիկա իր աւարտին կը հասնի Ապու Տապիի մէջ` 26 նոյեմբերին: Նշենք, որ Չինաստանի մէջ 16 ապրիլին նախատեսուած կրան փրին դուրս դրուեցաւ 2023-ի յայտագիրէն` երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրին հետ կապուած իրավիճակին պատճառով:...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Սապալենքա Եւ Ռիպաքինա Ապահովեցին  Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Սապալենքա Եւ Ռիպաքինա Ապահովեցին Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Մելպուրնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, յստակացան աղջկանց աւարտականի իրենց տոմսերը ապահովող մարզիկներուն անունները: Պիելոռուսիոյ ներկայացուցիչ Արինա Սապալենքա, որ այս մրցաշարքին դասուած է 5-րդ, կիսաւարտականին գծով իր կատարած մրցումին, ուր մրցեցաւ աշխարհի դասաւորման 45-րդ դիրքին վրայ գտնուող Մակտա Լինեթի դէմ (Լեհաստան), արձանագրեց 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Աւարտականին Սապալենքայի մրցակիցը պիտի ըլլայ...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Մեսսի  Համաձայնութեան Եկան

Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Մեսսի Համաձայնութեան Եկան

Ֆրանսական մարզական մամուլին համաձայն, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի պիտի ստորագրեն նոր պայմանագրութիւն մը: Ոչ պաշտօնական տուեալներով, կողմերը իրարու հետ իրենց պայմանագրութեան ժամկէտը պիտի երկարաձգեն նուազագոյնը երկու տարիով, որուն զուգահեռ 35 տարեկան ֆութպոլիստին աշխատավարձն ալ պիտի բարձրանայ: Նշուեցաւ, որ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետը, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակելու գծով աւելի լաւ առաջարկ մը...

Ռէալ Մատրիտ Եւ Պարսելոնա «Սուփըր Լիկա»-ի  Ստեղծման Գծով Բանակցեցան  Ֆութպոլի 50 Ակումբներու Հետ

Ռէալ Մատրիտ Եւ Պարսելոնա «Սուփըր Լիկա»-ի Ստեղծման Գծով Բանակցեցան Ֆութպոլի 50 Ակումբներու Հետ

Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես եւ Պարսելոնայի նախագահ Խուան Լափորթա կը շարունակեն իրենց աշխատանքը Եւրոպայի «Սուփըր Լիկա»-ի ստեղծման ուղղութեամբ: Երկու ակումբներուն նախագահները արդէն իսկ բանակցած են 12 երկիրներու ֆութպոլի 50 ակումբներու հետ, այս մասին յայտնեց ֆրանսական հանրածանօթ «Լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթը: «Սուփըր Լիկա»-ի ստեղծման նախաձեռնութիւնը վստահուած է` «ԷՅ. 22 Սփորթց Մենեճմընթ» ընկերութեան: Եւրոպայի զօրաւորագոյն ակումբներէն բացի, Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա, «Սուփըր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Անդրանիկ Պէյրութ- «Էն. Էս. Էյ.» Եւ Պիպլոս-Աթլաս

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Անդրանիկ Պէյրութ- «Էն. Էս. Էյ.» Եւ Պիպլոս-Աթլաս

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին երկու մրցումներ: Առաջինին, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, Անդրանիկ Պէյրութ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) կը հիւրընկալէ «ԷՆ. ԷՍ. ԷՅ.»-ը, մինչ երկրորդին, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Սլէյմանի անուան համալիրին մէջ, Պիպլոս` Աթլասը, երեկոյեան ժամը 19:30-ին: 9-րդ դիրքին վրայ գտնուող Անդրանիկ ցարդ արձանագրած...

Փիւնիկ Թուրքիոյ Մէջ Յաղթեց Ռուսական  Բանակային Մարզական Ակումբ Խապարովսքին

Փիւնիկ Թուրքիոյ Մէջ Յաղթեց Ռուսական Բանակային Մարզական Ակումբ Խապարովսքին

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, որ թրքական Պելեք քաղաքին մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ, կատարեց ֆութպոլի իր բարեկամական երկրորդ մրցումը, այս անգամ մրցելով ռուսական բանակային մարզական ակումբ-Խապարովսք խումբին դէմ, որ մաս կը կազմէ Ա. դասակարգին: Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Երեւանեան կազմին հետ իրենց առաջին կոլը նշանակեցին նորեկներ` Ժոնել Տեզիրէ եւ Ճէյմս Սանթոս: Իսկ ռուսական...

Ճատրակ. «Թաթա Սթիլ Մասթըրզ».  Լեւոն Արոնեանի Հաւասարութիւններու  Շարքը Շարունակուեցաւ

Ճատրակ. «Թաթա Սթիլ Մասթըրզ». Լեւոն Արոնեանի Հաւասարութիւններու Շարքը Շարունակուեցաւ

Նետերլանտներու Վիյք Աան Զի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի «Թաթա Սթիլ Մասթըրզ» միջազգային մրցաշարքին մասնակցողները, միօրեայ դադարէ մը ետք, կատարեցին 9-րդ հանգրուանի մրցումները: Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ հանդէս եկող Լեւոն Արոնեան, որ ճերմակ քարերով մրցեցաւ նետերլանտցի Ժորտեն վան Ֆորիսթի հետ, անոր հետ արձանագրեց հաւասարութիւն մը` 31-րդ շարժումին: Հայաստանի հաւաքականի նախկին յառաջատարը այսպիսով արձանագրեց իր 8-րդ հաւասարութիւնը (յաջորդական` չորրորդը): 10-րդ հանգրուանին...

Սպերցեան Կերտեց  Քրասնոտարի Յաղթանակը

Սպերցեան Կերտեց Քրասնոտարի Յաղթանակը

Ռուսական Քրասնոտար ակումբը, որ Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ, իր կատարած ֆութպոլի բարեկամական առաջին մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթեց Պունեոտկորի (Ուզպեքիստան): Մրցումին միակ կոլը 14-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Էդուարդ Սպերցեան: Ասիկա Քրասնոտարի առաջին յաղթանակն էր սերպ մասնագէտ Վլատիմիր Իվիչի գլխաւորութեամբ: Նշենք, որ ընթացիկ տարեշրջանին Սպերցեան Քրասնոտարի կազմին հետ ցարդ մասնակցած է...

Page 327 of 1280 1 … 326 327 328 … 1,280

Արխիւներ