Նախորդ շաբաթավերջին Վիյք Աան Զի քաղաքին մէջ (Նետերլանտներ) իր աւարտին հասաւ ճատրակի «Թաթա Սթիլ Մասթըրզ» միջազգային մրցաշարքը, երբ կատարուեցան 13-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Նետերլանտցի Անիշ Կիրի տիրացաւ տիտղոսին, երբ վերջին հանգրուանին ճերմակ քարերով պարտութեան մատնեց ռումանացի Ռիշար Ռափորը եւ առաւելագոյն 13 կէտէն ապահովելով 8,5 կէտ, միանձնեայ գրաւեց առաջին դիրքը:
Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ Նոտիրպեկ Ապտուսաթթորով, որ վերջին հանգրուանին ճերմակ քարերով պարտուեցաւ նետերլանտցի Ժորտեն վան Ֆորիսթէն, 8 կէտով գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Նոյնքան կէտով լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, որ վերջին հանգրուանին սեւ քարերով յաղթեց հնդիկ Էրիկայսի Արժունի:
Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Լեւոն Արոնեան վերջին հանգրուանին ճերմակ քարերով պարտութիւն մը կրելով իրանցի Փարհամ Մաղշուտլուէն, 6,5 կէտով գրաւեց 7-րդ դիրքը:


