Հայաստանի Ազգային բանակի օրուան առիթով, Հայաստանի քարաթէի ֆետերասիոնը Օլիմփիաւանի մէջ կազմակերպեց սեմինար մը` զայն նուիրելով Արցախին:
Սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 300 մարզիկներ:
Կատարուեցան ոչ միայն տեսական քննարկումներ, փորձի փոխանակում` ոլորտի նշանաւոր ներկայացուցիչներուն հետ, այլ նաեւ` վարպետներու դասեր եւ թեքնիք հնարքներու նոր ցուցադրութիւններ:
Ֆետերասիոնի նախագահ Սպարտակ Գասպարեանի համաձայն, հանդիպումը ոգեւորիչ էր յատկապէս սկսնակներու համար:
Ան ըսաւ, որ նմանօրինակ միջոցառումները անպայման շարունակական պիտի ըլլան` աւելի ամրապնդելու համար` Հայաստան-Արցախ-սփիւռք անքակտելի կապը:


