Սէուտական Արաբիոյ Հիլալ ֆութպոլի խումբը ցարդ չէ հրաժարած Լիոնել Մեսսին իր կազմին միացնելու գաղափարէն:
Միջազգային մարզական մամուլը կը յայտնէ, որ արաբական ակումբը կը փափաքի արժանթինցին դարձնել աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը:
Այս փոխանցումը իրականանալու պարագային, Մեսսիի տարեկան եկամուտը պիտի ըլլայ աւելի քան 200 միլիոն սթերլինկ:
35 տարեկան Լիոնել Մեսսիի պայմանագրութիւնը` Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, կ՛աւարտի այս տարեշրջանի աւարտին, եւ կողմերը իրենց բանակցութիւնները կը շարունակեն անոր երկարաձգման շուրջ:
Կը նշուի նաեւ, որ սէուտական խումբեր մօտէն հետաքրքրուած են նաեւ եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահով (Լիվըրփուլ) եւ նորվեկիացի միջնապահ Քեւին տը Պրույնով:


