Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Սերոբ Գրիգորեան միացաւ Ալաշկերտի, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
27 տարեկան Գրիգորեան, մաս կազմելէ ետք ռուսական երկու ակումբներու, տեղափոխուեցաւ Շիրակ Գիւմրի, ապա եօթը տարեշրջան մաս կազմեց Փիւնիկ Երեւանի:
Անոր նախկին ակումբն էր Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբը, որուն հետ ան դաշտ ներկայացաւ 16 մրցումի` Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան աշնանային բաժինին ընթացքին:
Փորձառու ֆութպոլիստը ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի 17, 19 եւ 21 տարեկանէն վար հաւաքականները, իսկ ազգային հաւաքականին հետ, ան ցարդ կատարած է չորս մրցում:


