Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի («Քոփա Տել Ռէյ») քառորդ աւարտական հանգրուանի մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Բաւական զօրաւոր եւ տաք ճակատումի մը ընթացքին, իրարու դէմ պիտի մրցին երկրին երկու անուանի խումբերը` Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա, մինչ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Օսասունան եւ Աթլեթիք Պիլպաոն:
Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 1-2 մարտին, դարձի մրցումները` 4-6 ապրիլին, իսկ աւարտական մրցումը` 6 մայիսին, Սեւիլլայի մէջ:
Քառորդ աւարտականի մրցումներուն, Պարսելոնա յաղթեց Ռէալ Սոսիետատին (1-0), Ռէալ Մատրիտ` Աթլեթիքօ Մատրիտին (3-1), Օսասունա` Սեւիլլային (2-1), իսկ Աթլեթիք Պիլպաօ` Վալենսիային (3-1):


