Սպանական մարզական մամուլը կը տեղեկացնէ, որ Վալենսիայի գլխաւոր մարզիչ Կենարօ Կաթուզօ լքեց իր պաշտօնը եւ հեռացաւ ակումբէն:
Իտալացիին հետ Վալենսիա «Լա Լիկա»-ի ընթացիկ տարեշրջանին 18 մրցումէն ապահովելով միայն 20 կէտ, այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 14-րդ ոչ նախանձելի դիրքը:
Վերջին 10 մրցումներուն, խումբը արձանագրած է յաղթանակ մը միայն եւ կրած հինգ պարտութիւն:
Նշենք, որ 45 տարեկան Կաթուզօ խումբին մարզիչն է յունիս 2022-էն ի վեր:


