Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 20-րդ եւ դարձի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, դասաւորման առաջին չորս դիրքերուն մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն կատարուեցաւ` նկատի ունենալով, որ անոնք հաւասարութիւն արձանագրեցին:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող գործող ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց Ռեմսը, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
51-րդ վայրկեանին պրազիլցի Նէյմար նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, մինչ հիւր կազմը իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց կորսուած վայրկեաններուն (90+6-րդ), շնորհիւ Ֆոլարին Պալոկունի:
Փարիզեան կազմէն 59-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ իտալացի Մարքօ Վերաթթի:
Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Լանս իր կարգին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Թրուայի դաշտին վրայ, մինչ նոյն արդիւնքով աւարտեցաւ Մարսէյ-Մոնաքօ մրցումը:
Դասաւորման պատկերը այժմ կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը. Փարիզ Սեն Ժերմեն` առաջին (48 կէտ), Լանս` երկրորդ (45 կէտ), Մարսէյ` երրորդ (43 կէտ) եւ Մոնաքօ` չորրորդ (38 կէտ):