Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 2027-ի Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ:
Ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ. «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան բարձր հովանիին տակ, Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի նախագահ Գագիկ Վանոյեանի եւ անոր հետ աշխատակցած յանձնախումբին ջանքերուն շնորհիւ, 2027-ին տեղի ունենալիք տղոց եւ աղջկանց Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը պիտի կատարուի Երեւանի մէջ:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Եւրոպայի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի նախագահին, նախագահական խորհուրդին գործադիր կոմիտէին եւ թեքնիք կոմիտէի նախագահներուն` այս ընտրութեան համար:
Պիտի կատարենք առաւելագոյնը` Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք ախոյեանութիւնը դարձնելու անմոռանալի»: