Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, որ Թուրքիոյ Պելեք քաղաքին մէջ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ ռուսական Խիմքիի դէմ, անկէ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Իր կատարած նախորդ երկու մրցումներուն, Փիւնիկ 3-1 արդիւնքով պարտուած էր ուքրանական Տնիփրօ-1 խումբէն, մինչ 4-2 արդիւնքով յաղթած էր Խապարովսքի (Ռուսիա):
Նշենք, որ Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը` Փիւնիկ, այս մարզական հաւաքին ընթացքին շատ հաւանաբար պիտի կատարէ յաւելեալ հինգ բարեկամական մրցում եւս: