Սպանական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Ուսման Տեմպելէի ստացած վնասուածքը աւելի լուրջ է, քան ինչ որ կ՛ենթադրուէր:
Պարսելոնային մաս կազմող ֆրանսացի ֆութպոլիստը, նախորդ շաբաթավերջին վիրաւորուեցաւ Ժիրոնայի դէմ տեղի ունեցած «Լա Լիկա»-ի մրցումին (19-րդ հանգրուան) եւ 26-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Սկիզբը կ՛ըսուէր, որ ան երեք շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, իր ստացած ազդրի վնասուածքէն ետք:
Սակայն վերջնական քննութիւններու արդիւնքներուն լոյսին տակ ի յայտ եկաւ, որ անոր ապաքինման համար կը պահանջուի հինգ շաբաթ:
Նշենք, որ ընթացիկ տարեշրջանին, 25 տարեկան Տեմպելէ, Պարսելոնայի հետ իր կատարած 28 մրցումներուն ընթացքին ցարդ նշանակած է 8 կոլ եւ կատարած 7 էսիսթ: