Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի նախկին միջնապահ Իսքօ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէր «Պունտըսլիկա»-ին մէջ` իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ մաս կազմելով Իւնիոն Պերլինին:
30 տարեկան սպանացին թէեւ նախորդ ամառ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սեւիլլայի հետ, սակայն նախորդ դեկտեմբերին կողմերը դադրեցուցին իրենց համագործակցութիւնը:
Նախապէս կը հաղորդուէր, որ ֆութպոլիստը եւ գերմանական ակումբը պիտի ստորագրեն մէկուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը` զայն մէկ տարիով երկարաձգելու կարելիութեամբ:
Նշենք, որ ան Սեւիլլայի հետ 19 մրցումի ընթացքին նշանակեց կոլ մը եւ կատարեց 3 էսիսթ:


