Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հուփս, որ հիւրը եղաւ Լիտըրզին, անկէ կրեց 71-63 արդիւնքով պարտութիւն մը (13-7, 16-22, 16-19, 26-15):
Մինչ Լիտըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 6-րդ յաղթանակը (9 պարտութեան կողքին), անդին Հուփս, որ արձանագրած է 5 յաղթանակ, կրեց իր 10-րդ պարտութիւնը:
Լիտըրզէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց խմբապետ Քրիսթոֆ Խալիլ (10 կէտ, 11 ռիպաունտ), իսկ Հուփսէն` Ժուլիըն Սքոթ Ուիլիամս (14 կէտ, 10 ռիպաունտ):
Նշենք, որ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Լիտըրզէն Եուսեֆ Ղանթուս (27 կէտ):
16-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 1 փետրուարին, ժամը 20:30-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղը կ՛ունենայ Անդրանիկ Պէյրութ-Պիպլոս մրցումը:


