Պէյրութի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ Նըժմէի դաշտին վրայ մրցեցաւ Նուժում Պէյրութի դէմ, արձանագրեց 3-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը (կիսախաղ` 1-1):
ՀՄԸՄ իր կոլերը նշանակեց 45-րդ, 60-րդ եւ 85-րդ վայրկեաններուն, մինչ մրցակից կազմը` 13-րդ եւ 89-րդ վայրկեաններուն:
Մրցում մը նուազ կատարած ՀՄԸՄ, այսպիսով արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` ապահովելով առաւելագոյն վեց կէտը, մինչ երկու յաղթանակ արձանագրած Նուժում կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Նօ Լիմիթց, որ արձանագրած է երեք յաղթանակ, մինչ երկրորդ դիրքին վրայ է Տինամօ Պէյրութ, որ ՀՄԸՄ-ի (3-րդ) նման արձանագրած է երկու յաղթանակ:
Դ. հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութի մրցակիցը պիտի ըլլայ Նօ Լիմիթց: