Լիվըրփուլ քաղաքի կազմերէն Էվըրթըն յայտարարեց, որ 51 տարեկան անգլիացի Շոն Տայչ նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ` խումբին հետ ստորագրելով երկուքուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը:
Նշենք, որ ան նախապէս եղած է անգլիական Ուաթֆորտի եւ Պառնլիի մարզիչը:
Ան փոխարինեց անգլիացի Ֆրանք Լամփարը, որ իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով կորսնցուց իր պաշտօնը:
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 20-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Էվըրթըն 15 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 19-րդ դիրքը:


