Պրազիլական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ պրազիլցի ֆութպոլիստներ տեղափոխող փոխադրակառքը 10 մեթր բարձրութիւն ունեցող կամուրջէ մը վար ինկաւ, այդ պատճառով ալ մահացան 14-17 տարեկան երեք դեռահասներ եւ մէկ չափահաս մը, մինչ 23 ուրիշներ վիրաւորուեցան:
Ողբերգութիւնը տեղի ունեցաւ «ՊԻ. ԱՐ.-116» մայրուղիին կամուրջին վրայ, Ալեմ Փարայպայի մօտ, Մինաս Կերայիսի` Զոնա տա Մաթա շրջանին մէջ:
Փոխադրակառքին մէջ կը գտնուէին Ռիօ տը Ժանէյրոյէն Էսփորթէ Քլապ Վիլա Մարիա Հելենա երիտասարդական խումբին 28 ֆութպոլիստները, չորս մարզիչներ եւ վարորդը:
Ֆութպոլիստները կը վերադառնային ոչ արհեստավարժ ֆութպոլի մրցաշարքի մը իրենց մասնակցութիւնը բերելէ ետք, ուր անոնց 18 տարեկանէն վար խումբը հանդիսացած էր տիտղոսակիր, իսկ 16 տարեկանէն վար խումբը` փոխախոյեան:


