Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Շիրակ Գիւմրիի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ խումբին նախկին մարզիկներէն Ռոպերթ Դարբինեան վերադարձաւ ակումբ:
2022-2023 տարեշրջանի առաջին բաժինը, յետսապահ Դարբինեան ելոյթ ունեցաւ Արարատ-Երեւանի հետ:
Նշենք, որ ան Շիրակին մաս կազմած է 2014-2015 եւ 2016-2018 թուականներուն: