Ինթեր Միլան Նոր Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Տարմիանի Հետ
Իտալիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Ինթեր Միլանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իտալացի յետսապահ Մաթէօ Տարմիանի հետ: 33 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը ուժի մէջ պիտի ըլլայ մինչեւ 2024: Ընթացիկ տարեշրջանին ան Ինթերի հետ իր մասնակցութիւնը բերած է 22 մրցումի, նշանակած 2 կոլ եւ կատարած նոյնքան էսիսթ: «Թրանսֆերմարքթ», անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատէ 4 միլիոն եւրոյով:




















