Գերմանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխի 30 տարեկան սենեկալցի յառաջապահ Սատիօ Մանէ, որ վնասուածքի պատճառով նոյեմբեր 2022-էն ի վեր հեռու է ֆութպոլի դաշտերէն, առաջին անգամ ըլլալով վերսկսաւ իր փորձերուն:
Սատիօ Մանէ, որ ծունկի վնասուածք ստացած էր, վիրաբուժութեան ենթարկուած էր 2022-ի Մոնտիալին ազդանշանը տրուելէն շաբաթ մը առաջ:
Սենեկալի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետը այս տարեշրջանին իր կազմին հետ կատարած 23 մրցումներուն ընթացքին նշանակեց 11 կոլ եւ կատարեց 4 էսիսթ:


