Եուվենթուս Իր Պայմանագրութիւնը Կրնայ Խզել Ալլեկրիի Հետ
Իտալական շարք մը լրատուամիջոցներ կը յայտնեն, որ Եուվենթուս կը մտադրէ իր համագործակցութիւնը դադրեցնել ակումբի գլխաւոր մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի հետ: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Եուվենթուսի ղեկավարութիւնը կը կարծէ, որ իտալացի մասնագէտին հեռացումը պիտի ըլլայ ճիշդ որոշում մը: Ասկէ մեկնելով, ընթացիկ տարեշրջանի աւարտէն ետք, կողմերը իրարու հետ հանդիպում մը պիտի ունենան, որուն ընթացքին պիտի համաձայնին պայմանագրութիւնը վաղաժամ խզել: Ալլեկրի, որ երկրորդ անգամ...




















