«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան արեւելեան շրջանի աւարտական չորրորդ մրցումին, Պոսթըն Սելթիքս իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց Մայեմի Հիթի դաշտին վրայ` 116-99 արդիւնքով:
Նախորդ երեք մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած Հիթ իր չորրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային, մրցաշարքէն դուրս պիտի ձգէր Սելթիքսը:
Յաղթական կազմէն ամերիկացի Ճէյսըն Թաթում բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով նշանակեց 33 կէտ, 11 ռիպաունտ, ինչպէս նաեւ կատարեց 7 էսիսթ եւ 2 պլոք շաթ:
Իսկ Մայեմի Հիթէն 29 կէտ նշանակեց Ճիմի Պաթլըր: