Ռումանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան վճռորոշ մրցումին, Ֆարուլ Քոնսթանթա 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք «ԷՖ. ՍԻ. ԷՍ. ՊԻ.»-ին (նախկին Շթէուան), իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ երկրի ախոյեան:
Ֆարուլ, որ կը ներկայացնէ երկրին բնակչութեամբ չորրորդ քաղաքը եւ գլխաւոր նաւահանգիստը, հիմնուած է 1920-ին:
Ակումբի նախագահն է Ճիորճի Փոփեսքու, գլխաւոր մարզիչը` Ճիորճի Հաճի:
Անոնք երկուքն ալ անցեալին մաս կազմած են Պարսելոնայի եւ Ռումանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին:


