Եուվենթուս իր ղեկավարութեան տնտեսական խարդախութիւններուն պատճառով զրկուեցաւ 10 կէտէ` Իտալիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան գծով եւ նահանջեց 7-րդ դիրք:
Այս որոշումը տուաւ Իտալիոյ վերաքննիչ դատարանը, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
Նշենք, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին դատախազը` Ճիուզեփփէ Չիմէ, պահանջած էր Եուվենթուսէն խլել 11 կէտ:
Նախքան այս որոշումին տրուիլը, Եուվենթուս 69 կէտով կը գրաւէր դասաւորման երկրորդ դիրքը:


