«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան արեւելեան շրջանի աւարտական հանգրուանի երրորդ մրցումին եւս յաղթականը հանդիսացաւ Մայեմի Հիթ, որ այս անգամ իր դաշտին վրայ արձանագրեց 128-102 արդիւնքով յաղթանակ մը` Պոսթըն Սելթիքսին դէմ:
Նշենք, որ նոյն արդիւնքով կ՛ընթանայ նաեւ արեւմտեան շրջանի աւարտական հանգրուանի մրցումը ի նպաստ Տենվըր Նակեթցի` Լոս Անճելըս Լէյքըրզի դէմ:
Սելթիքսի դէմ տեղի ունեցած երրորդ մրցումին, յաղթական կազմէն նիկերիացի Կապէ Վենսան նշանակեց 29 կէտ, մինչ Սելթիքսէն Ճէյսըն Թաթում` 14 կէտ: