Նախորդ շաբաթավերջին Ալպերթ Նազարեանի անուան մարզադպրոցին մէջ իր աւարտին հասաւ «Երեւան Օփըն-2023» տղոց մարմնամարզութեան միջազգային մրցաշարքը:
Հայաստանի հաւաքականը, ապահովելով 157.897 կէտ, գրաւեց ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ուզպեքիստան, Լեհաստան, Պիելոռուսիա եւ Հայաստան: