Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.»  Սելթիքս-Հիթ` 0-2 .  Լէյքըրզ-Նակեթց` 0-3

«Էն. Պի. Էյ.» Սելթիքս-Հիթ` 0-2 . Լէյքըրզ-Նակեթց` 0-3

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի ծիրին մէջ, Պոսթըն Սելթիքս, որ արեւելեան շրջանի աւարտականի երկրորդ մրցումին դարձեալ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մայեմի Հիթը, անկէ կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, այս անգամ` 111-105 արդիւնքով (առաջին մրցում` 123-116): Այս երկրորդ մրցումին յաղթական կազմէն Ճիմի Պաթլըր նշանակեց 27 կէտ, մինչ Սելթիքսէն Ճէյսըն Թաթում` 34 կէտ: Նշենք, որ յաջորդ երկու մրցումները տեղի պիտի ունենան...

«Փրեմիեր Լիկ».  Արսենալ Պարտուեցաւ, Նոթինկհամ Ֆորեսթ  Մնաց Բարձրագոյն Դասակարգին Մէջ, Մանչեսթըր  Սիթի Հռչակուեցաւ Ախոյեան

«Փրեմիեր Լիկ». Արսենալ Պարտուեցաւ, Նոթինկհամ Ֆորեսթ Մնաց Բարձրագոյն Դասակարգին Մէջ, Մանչեսթըր Սիթի Հռչակուեցաւ Ախոյեան

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Արսենալ, որ հիւրը եղաւ Նոթինկհամ Ֆորեսթին, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Անոր կրած այս պարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթի հռչակուի ախոյեան եւ ախոյեանութեան տիտղոսը յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով պահէ իր մօտ: Այսպիսով, մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի կազմը 9-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան: Փորձառու մասնագէտը այսպիսով...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Երկարաձգեց  Մարքինիոսի Պայմանագրութիւնը

Փարիզ Սեն Ժերմեն Երկարաձգեց Մարքինիոսի Պայմանագրութիւնը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն երկարաձգեց իր պրազիլցի յետսապահին` Մարքինիոսի պայմանագրութիւնը, այս գծով յայտնեց մայրաքաղաքի կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 29 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2028: Մարքինիոս, որ 2023-ի ամրան իտալական Ա. Էս. Ռոմայէն տեղափոխուեցաւ Սեն Ժերմեն, իր կազմին հետ եօթը անգամ հանդիսացաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան, իսկ վեց անգամ ալ` երկրի բաժակակիր: Նշենք, որ նախորդ ապրիլին ան...

Իտալական 3 Խումբեր` Եւրոպական  Ֆութպոլի Մրցաշարքերու Աւարտականներուն

Իտալական 3 Խումբեր` Եւրոպական Ֆութպոլի Մրցաշարքերու Աւարտականներուն

1998-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով Իտալիան ներկայացնող երեք խումբեր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերու աւարտականներուն: Ինչպէս ծանօթ է, Ինթեր Միլան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին պիտի մրցի Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի դէմ: «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին Ա. Էս. Ռոմայի մրցակիցը պիտի ըլլայ սպանական Սեւիլլան, իսկ վերջապէս «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ին Ֆիորենթինայի մրցակիցն է լոնտոնեան Ուեսթ Համը: «Չեմփիընզ...

Պոնուչի Յառաջիկայ Տարի Պիտի Աւարտէ  Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Պոնուչի Յառաջիկայ Տարի Պիտի Աւարտէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Եուվենթուսի յետսապահ Լէոնարտօ Պոնուչի իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ յառաջիկայ տարի պիտի աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: 36 տարեկան փորձառու ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը Եուվենթուսի հետ նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարուան կէսը: Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին Պոնուչի իր կազմին հետ կատարած 14 մրցումին ընթացքին դարձած է կոլի մը հեղինակ:    

Սերճիօ Ռամոս Պիտի Հեռանայ  Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Սերճիօ Ռամոս Պիտի Հեռանայ Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող սպանացի անուանի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս որոշեց յառաջիկայ ամիս հեռանալ իր ակումբէն: Նշուեցաւ, որ Ռամոս չի փափաքիր իր գործող պայմանագրութիւնը երկարաձգել փարիզեան կազմին հետ: 37 տարեկան Ռամոս, որ 2021-ին Ռէալ Մատրիտէն միացաւ փարիզեան կազմին, յառաջիկայ ամիս կրնայ միանալ իր նախասիրած կազմին, որովհետեւ կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ մը: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ան պիտի...

Չաւի Կրնայ Նոր Պայմանագրութիւն Մը  Ստորագրել Պարսելոնայի Հետ

Չաւի Կրնայ Նոր Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրել Պարսելոնայի Հետ

Սպանական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ քաթալոնական Պարսելոնայի գլխաւոր մարզիչ Չաւի կրնայ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրել իր ակումբին հետ: Ըստ նախատեսութիւններուն, Չաւի եւ ակումբի նախագահ Խուան Լափորթա այս շաբաթ հանդիպում մը պիտի ունենան` քննարկելու համար նոր պայմանագիրին մանրամասնութիւնները: 43 տարեկան մասնագէտին գործող պայմանագրութիւնը թէեւ ուժի մէջ է մինչեւ 2024-ի ամառ, սակայն Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը կ՛ուզէ այդ պայմանագրութիւնը երկու տարիով երկարաձգել: Չաւի...

Ինթեր Միլան Պիտի Երկարաձգէ  Ինցակիի Պայմանագրութիւնը

Ինթեր Միլան Պիտի Երկարաձգէ Ինցակիի Պայմանագրութիւնը

Իտալական մարզական մամուլը կը տեղեկացնէ, որ Ինթեր Միլան պիտի երկարաձգէ իր մարզիչին` Սիմոնէ Ինցակիի պայմանագրութիւնը: Նշուեցաւ, որ միլանեան ակումբը մասնագէտին պիտի առաջարկէ մինչեւ 2025-ի ամառ պայմանագրութիւն մը ստորագրել: Ինցակիի գլխաւորած կազմը այս տարեշրջանին ապահոված է Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, ինչպէս նաեւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը: Նշենք, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 35-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ինթեր կը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Տղոց Աւարտականի Առաջին Մրցումը  Տեղի Պիտի Ունենայ Երկուշաբթի, 22 Մայիսին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց Աւարտականի Առաջին Մրցումը Տեղի Պիտի Ունենայ Երկուշաբթի, 22 Մայիսին

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը նախանցեալ օր հրապարակեց Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի աւարտական մրցումներուն յայտագիրը: Տինամօ-Ռիատի Պէյրութ առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 22 մայիսին, առաջինին` «Ռոքլենտ-Արենա» մարզադաշտին վրայ եւ պիտի սկսի ժամը 21:45-ին: Նշենք, որ եօթը մրցումէ չորս յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:

Պասքեթպոլ.  Ռիատի Պէյրութ Հանդիսացաւ  Արեւմտեան Ասիոյ Տղոց Ախոյեան

Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ Տղոց Ախոյեան

Զուք Միքայէլի շրջանին մէջ գտնուող «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ մեծաթիւ համակիրներու ներկայութեան տեղի ունեցած Ռիատի Պէյրութ-Կուրկան (Իրան) մրցումը վերջ գտաւ լիբանանեան կազմին յաղթանակով. վերջինս արձանագրելով 114-100 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը, հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեան: Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, Ռիատի յաղթանակ մը արձանագրած էր Յորդանանի դէմ` Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած մրցումին: Այսպիսով, լիբանանեան կազմը կարեւոր նուաճումի...

ՖԻՖԱ-ն Ներկայացուց 2026-ի  Մոնտիալին Տարբերանշանը

ՖԻՖԱ-ն Ներկայացուց 2026-ի Մոնտիալին Տարբերանշանը

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` «ՖԻՖԱ»-ն, ներկայացուց 2026-ի Մոնտիալին պաշտօնական տարբերանշանը: Ինչպէս ծանօթ է, 2026-ի Մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ երեք երկիրներու Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիքայի մէջ: Այստեղ կարեւորութեամբ նշենք, որ առաջին անգամ ըլլալով Մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ 48 երկիրներու ֆութպոլի ազգային խումբերու մասնակցութեամբ:  

Եուրկըն Քլոփ Կախակայուեցաւ  Եւ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Եուրկըն Քլոփ Կախակայուեցաւ Եւ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Անգլիական Լիվըրփուլի գերմանացի մարզիչ Եուրկըն Քլոփ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ երկու մրցումով կախակայուեցաւ եւ 75 հազար սթերլինկ տուգանքի ենթարկուեցաւ: Քլոփ Թոթենհամի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր Լիկ»-ի 34-րդ հանգրուանի մրցումին քննադատած էր կեդրոնի իրաւարար Փոլ Թիերնէն: Նշենք, որ վերոնշեալ մրցումը աւարտած էր Լիվըրփուլի յաղթանակով` 4-3 արդիւնքով: 36-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Լիվըրփուլ 65 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը` 20 կէտով...

Վերաթթի Կը Փափաքի  Միանալ Ռէալ Մատրիտի

Վերաթթի Կը Փափաքի Միանալ Ռէալ Մատրիտի

Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող միջնապահ Մարքօ Վերաթթի, կը փափաքի միանալ Ռէալ Մատրիտին, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ 30 տարեկան իտալացի ֆութպոլիստը ամէն գնով կ՛ուզէ նոր երկրի մը ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցիլ: Մարքօ Վերաթթի, որ փարիզեան ակումբին միացաւ 2012-ին, անոր հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ 2026: Ան այս տարեշրջանին իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 35 մրցում...

Եւրոպական Խաղերուն  Հայ Մարզիկներուն Թիւը Աւելցաւ

Եւրոպական Խաղերուն Հայ Մարզիկներուն Թիւը Աւելցաւ

21 յունիսէն 2 յուլիսին Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք ամառնային եւրոպական 3-րդ խաղերուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներուն թիւը աւելցաւ, այս մասին յայտնեց  Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այս խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Գրիգոր Պապոյեան, Պորիս Դադայեան, Ալիկ Նաւասարդեան, Գրիգոր Մնացականեան, էմմա Պօղոսովա (սուսերամարտ), Վլատիմիր Յարութիւնեան, Արման Ենոքեան, Մարատ Գրիգորեան, Ալիսա Զաքարեան (ջրացատկ), Գոռ Սարգսեան (67 քկ), Արմէն Գրիգորեան...

Հենրիխ Մխիթարեան Պիտի Բացակայի  Նափոլիի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն

Հենրիխ Մխիթարեան Պիտի Բացակայի Նափոլիի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն

Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Ա. Սէ. Միլանի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Չեմփիընզ Լիկ») վիրաւորեց իր ձախ ազդրը, իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել այս շաբաթավերջին Նափոլիի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 36-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ: Նշենք, որ Նափոլի արդէն իսկ ապահոված է ախոյեանութեան տիտղոսը:  

Ալեքսանտր Գրիգորեան`  Քուպանի Գլխաւոր Մարզիչ

Ալեքսանտր Գրիգորեան` Քուպանի Գլխաւոր Մարզիչ

Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Քուպանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Ալեքսանտր Գրիգորեան նշանակուեցաւ խումբի գլխաւոր մարզիչ: 56 տարեկան ռուսահայ մասնագէտին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանի աւարտը: Գրիգորեանի վերջին ակումբն էր Մոսկուայի բանակայիններու հաւաքականը, ուրկէ ան հեռացաւ հոկտեմբեր 2022-ին: Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 31-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Քուպան 33 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 15-րդ դիրքը:...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Մանչեսթըր Սիթի 4-0 Արդիւնքով  Ծանր Պարտութեան Մատնեց Ռէալ Մատրիտը  Եւ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

«Չեմփիընզ Լիկ». Մանչեսթըր Սիթի 4-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան Մատնեց Ռէալ Մատրիտը Եւ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի երկրորդ մրցումին, Մանչեսթըր Սիթի, որ հիւրընկալեց Ռէալ Մատրիտը, անոր դէմ արձանագրեց ջախջախիչ յաղթանակ մը` 4-0 արդիւնքով: Անգլիական կազմին կոլերը նշանակեցին` փորթուգալցի Պերնարտօ Սիլվա (23-րդ եւ 37-րդ), պրազիլցի Էտեր Միլիթաօ (76-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ) եւ արժանթինցի Խուլիան Ալվարեզ (90+1-րդ): Ինչպէս ծանօթ է, երթի մրցումը, որ տեղի ունեցած էր Մատրիտի մէջ, աւարտած էր 1-1...

Ռուպեն Նեւես Պիտի Միանայ  Պարսելոնային

Ռուպեն Նեւես Պիտի Միանայ Պարսելոնային

Սպանիոյ ֆութպոլի նորընծայ ախոյեան Պարսելոնա համաձայնութեան եկաւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ անգլիական Վուլվզի միջնապահ Ռուպեն Նեւեսի հետ, որ այս ամառ պիտի միանայ սպանացի Չաւիի գլխաւորած կազմին: Վուլվզի հետ 26 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը: Նշուեցաւ, որ անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 40 միլիոն եւրոյով: Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր ակումբին հետ մասնակցած է 33 մրցումի, նշանակած...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Հետաքրքրուած`  Իպրահիմ Սանկարէով

Փարիզ Սեն Ժերմեն Հետաքրքրուած` Իպրահիմ Սանկարէով

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, բաւական մօտէն հետաքրքրուած է Նետերլանտներու ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցող ՓՍՎ Այնտհովընի փղոսկրեայ ափունքցի միջնապահ Իպրահիմ Սանկարէով, այս մասին յայտնեց նետերլանտեան մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ այս ամրան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ 25 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցումը ֆրանսական ակումբ եւ այդ մէկը փոխան 37 միլիոն եւրոյի: Ան նետերլանտեան ակումբին հետ ստորագրած է պայմանագրութիւն մը, մինչեւ 2027 տարուան կէսը:...

Օպամեյանկ Որոշեց Վերադառնալ  Կապոնի Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Օպամեյանկ Որոշեց Վերադառնալ Կապոնի Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Չելսիին մաս կազմող կապոնցի միջազգային յառաջապահ Փիեր-Էմերիք Օպամեյանկ, պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը վերադառնայ ազգային խումբ: Ան յայտնեց, որ իր այս որոշումը տուաւ Կապոնի նախագահին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք: Նշենք, որ Օպամեյանկ Կապոնի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ընկերակցութեամբ այցելած էր երկրի նախագահին: Վերջինս խնդրած էր ֆութպոլիստէն, որ վերադառնայ միջազգային ասպարէզ:

Page 294 of 1280 1 … 293 294 295 … 1,280

Արխիւներ