Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցած Հռոմի թենիսի տղոց Մասթըրզի միջազգային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը:
3-րդ դասուած ռուս անուանի թենիսմեն` Տանիիլ Մետվետեւ հանդիսացաւ մրցաշարքի տիտղոսակիրը` 7-5 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթելէ ետք դանիացի իր մրցակիցին` Հոլկեր Ռունէին (7-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակին եւ տիտղոսակիր դառնալուն շնորհիւ, 27 տարեկան Մետվետեւ միջազգային նոր դասաւորման մէջ բարձրացաւ 2-րդ դիրք: