«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան արեւմտեան շրջանի աւարտականի չորրորդ մրցումին, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրընկալեց Տենվըր Նակեթցը, անկէ կրեց 113-111 արդիւնքով պարտութիւն մը (34-28, 39-30, 16-36 եւ 22-19):
Նակեթց, որ նախորդ երեք մրցումներուն եւս յաղթանակ արձանագրած էր, այսպիսով 4-0 արդիւնքով յառաջանալով իր մրցակիցին վրայ, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, մրցաշարքէն դուրս ձգելով Լեպրոն Ճէյմսի կազմը` Լէյքըրզը:
Այսպիսով, Նակեթց իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Յաղթական կազմէն Նիքոլա Եոքիչ թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (30 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 13 էսիսթ), մինչ Ճէյմս` տապըլ-տապըլ մը (40 կէտ, 1 ռիպաունտ):
Աւարտականին Նակեթց իր դէմ պիտի ունենայ Մայեմի Հիթ-Պոսթըն Սելթիքս (արեւելեան շրջան) մրցումին յաղթականը:
Նշենք, որ Հիթ այժմ 3-0 արդիւնքով կը յառաջանայ Սելթիքսի վրայ:


