Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ ախոյեանութեան տիտղոսը հանգրուան մը առաջ ապահոված Մանչեսթըր Սիթի, որ հիւրընկալեց Չելսին, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ Խուլիան Ալվարեզի նշանակած կոլին (12-րդ):
Մրցումի աւարտին մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի կազմը` Սիթի, ստացաւ ախոյեանութեան տիտղոսը:
Սիթի, որ թէեւ ցարդ երկու մրցում ունի կատարելիք (Պրայթընի եւ Պրենթֆորտի դէմ), սակայն նկատի ունենալով, որ անիկա իր այս երկու մրցումները պիտի կատարէ իր դաշտէն դուրս, այս հանգրուանին ստացաւ իր տիտղոսը:
Նշենք, որ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Սաութհեմփթըն արդէն իսկ փոխադրուած է Բ. դասակարգ:
Անոր պիտի միանան երկու այլ կազմեր. կա՛մ Էվըրթըն, կա՛մ Լիծ Եունայթըտ, կա՛մ ալ Լայսթըր Սիթի: