Գերմանիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 33-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Տարմշթատ 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մակտեպուրկին, ապահովեց Ա. դասակարգի («Պունտըսլիկա») իր տոմսը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Տարմշթատ ունեցաւ 67 կէտ:
Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Հայտընհայմ ունի 64 կէտ, մինչ երրորդ դիրքը 60 կէտով կը գրաւէ Համպուրկ:
Նշենք, որ Տարմշթատ, որ այսպիսով չորրորդ անգամ ըլլալով կը վերադառնայ «Պունտըսլիկա», վերջին անգամ Ա. դասակարգին մաս կազմած էր 2015-ին եւ անկէ դուրս մնացած 2018-ին: