Իտալական շարք մը լրատուամիջոցներ կը յայտնեն, որ Եուվենթուս կը մտադրէ իր համագործակցութիւնը դադրեցնել ակումբի գլխաւոր մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի հետ:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Եուվենթուսի ղեկավարութիւնը կը կարծէ, որ իտալացի մասնագէտին հեռացումը պիտի ըլլայ ճիշդ որոշում մը:
Ասկէ մեկնելով, ընթացիկ տարեշրջանի աւարտէն ետք, կողմերը իրարու հետ հանդիպում մը պիտի ունենան, որուն ընթացքին պիտի համաձայնին պայմանագրութիւնը վաղաժամ խզել:
Ալլեկրի, որ երկրորդ անգամ ըլլալով Եուվենթուսի մարզիչ նշանակուեցաւ մայիս 2021-ին, մինչեւ 30 յունիս 2025 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է խումբին հետ: