Խրուաթ անուանի միջնապահ Լուքա Մոտրիչ, իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի հետ, եւ այդ մէկը` մինչեւ յունիս 2024:
Հակառակ անոր որ ան Սէուտական Արաբիայէն ստացաւ բաւական լաւ առաջարկ մը, սակայն ան այդ առաջարկը մերժելով յայտնեց, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը կ՛ուզէ շարունակել արքայական ակումբին հետ:
37 տարեկան Մոտրիչ այս տարեշրջանին իր կազմին հետ կատարած 49 մրցումին ընթացքին ցարդ նշանակած է 6 կոլ եւ կատարած նոյնքան էսիսթ: