Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 33-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Պորուսիա Տորթմունտ, որ հիւրը եղաւ Օկզպուրկին, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Պորուսիա Տորթմունտ Պայէրն Միւնիխէն խլեց ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը` երկու կէտի առաւելութիւն մը ունենալով անոր վրայ. Տորթմունտ այժմ ունի 70 կէտ, մինչ Պայէրն` 68 կէտ:
Պայէրն, որ հիւրընկալեց Լայփցիկը, անկէ կրեց 3-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը:
Վերջին հանգրուանին Տորթմունտ պիտի հիւրընկալէ Մայնց-05-ը (9-րդ), մինչ Պայէրն պիտի այցելէ Քէօլնի (10-րդ) դաշտը: