Այսօր 2-րդ Մրցումը` Մանարայի Մէջ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումին, Տինամօ, որ «Ռոքլենտ-Արենա» իր մարզադաշտին մէջ հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը, անոր դէմ արձանագրեց 87-78 արդիւնքով յաղթանակ մը (27-20, 15-17, 24-23 եւ 21-18):
Յաղթական կազմէն Ճօ Լուալ-Աքուիլ տապըլ տապըլ մը իրագործեց (25- կէտ, 14 ռիպաունտ), իսկ Ռիատիէն Տիւյոփ Ռիթ (32 կէտ, 13 կէտ):
Տինամոյի երկրորդ օտարականը` Զեք Լոֆթըն նշանակեց 30 կէտ, մինչ Ռիատիի երկրորդ օտարականը Քեւին Մըրֆի` 23 կէտ:
Իսկ Ռիատիի խմբապետ Ուաէլ Արաքժի բաւականացաւ երկու կէտով միայն:
Նշենք, որ յաղթական կազմը մրցումին տեւողութեան ունեցաւ մինչեւ 18 կէտի առաւելութիւն մը (57-39):
Օրուան իրաւարարներն էին` Ռապպահ Նուժէյմ, Ատել Խուէյրի եւ Փոլ Սուքայյեմ:
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 24 մայիսին, Մանարայի դաշտին մէջ, եւ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:45-ին:


