Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 35-րդ հանգրուանին, Ռէալ Սոսիետատէն իր կրած 2-1 արդիւնքով պարտութենէն ետք, Պարսելոնա իր դաշտին` «Քամփ Նու»-ի մէջ ստացաւ երկրին ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսը. անիկա եղաւ 27-րդը` ակումբին պատմութեան մէջ:
Նշենք, որ նախորդ հանգրուանին, Պարսելոնա 4-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Էսփանիոլին, ապահոված էր ախոյեանութեան տիտղոսը:
Պարսելոնայի համար իր հիւրէն կրած այս պարտութիւնը եղաւ առաջինը` վերջին 32 տարիներուն ընթացքին` «Քամփ Նու»-ի մէջ:
Իր կարգին, պարտութիւն մը կրեց Ռէալ Մատրիտ, Վալենսիայի դաշտին վրայ` 1-0 արդիւնքով:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Ռէալ Մատրիտ իր տեղը զիջեցաւ Աթլեթիքօ Մատրիտին, որ 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Օսասունային:
Պարսելոնա այժմ ունի 85 կէտ, Աթլեթիքօ Մատրիտ` 72 կէտ, իսկ Ռէալ Մատրիտ` 71 կէտ:


